2012-02-13 13:17:25

Միացաել Ազգերու Կրթութեան` Գիտութեան Եւ Մշակոյթի Կազմակերպութիւնը <<Ունէսքոն>> 13 փետրուարը հաստատած է որպէս Ռատիոյի Համաշխարդային օրը։


Այսօր 13 փետրուար 2012 կը նշուի Ռատիոյի առաջին Համաշխարհային օրը որ հաստատուած է անցեալ 2011 փետրուարին Ունէսքոյի կողմէ։ Վատիկանի ձայնասփիւռը եւս` ի շարս ուրիշ Ռատիկայաններու կը նշէ այս կարեւոր թուականը։

Վատիկանի Ձայնասփիւռը աշխարհի ամենամեծ Ռատիոկայանն է։ Անոր ալիքներու միջոցաւ հինգ աշխարհամասերու ունկնդիրներուն կը ձայնասփռուին 40 լեզուներով յայտագիրներ, որոնց մէջ կայ նաեւ հայերէնը։ Վատիկանի ձայնասփիւռի հասարակութիւնը կազմուած է 400 աշխատաւորներէ` 60 տարբեր ազգութիւններու պատկանող։
Ռատիովտիկանը <<հանրային սպասարկութեան>> ձայնասփիւռի բնոյթ ունի ու անոր յայտագիրները միջոց մըն են եկեղցին ու Սրբազան Քահանայապետը հաղորդակցութեան մէջ դնելու աշխարհի հետ ու միանգամայն ձայն տալու բոլոր անոնց որոնք կարելիութիւնը չունին ձայն ունենալու։

Իր արօրեայ եւ ուղիղ եթերով սփռուած տեղեկատուական 17 յայտագիրներու շնորհիւ մեր ձայնասփիւռը կը թափանցէ աշխարհի զանազան երկիրներու այլազան հարցերուն մէջ զանոնք ներկայացանելով ընդհանրական հեռանկարով կամ աւելի ճիշտ քրիտոնէական հեռանկարով։

Այս ուղղութեամբ է նաեւ որ Ռատիովատիկանը կ՛ուզէ նշել Ռատիոյի Համաշխարհային օրը զանազան յայտագիրներ նուիրելով այս կարեւոր օրուան ու խորացնելով Ռատիոյի կարեւորութիւնը` անոր պատմութիւնը ու անոր առաքելութիւնը։ Նշենք նաեւ որ 12 փետրուարին Ռատիվատիկանը ամբողջացուց իր հիմնադրութեան 81րդ ամեակը։








All the contents on this site are copyrighted ©.